ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԶՈՅԳ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ՝ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ, ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զոյգ թանգարանները կը մասնակցին «Թանգարաններու գիշեր» (Museums Night կամ Nuit des Musées) համաշխարհային ձեռնարկին, որ Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 14 Ապրիլ 2018-ին երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ։

 

Համաշխարհային այս ձեռնարկը Լիբանանի մէջ 5-րդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ Այս տարի Լիբանանի մէջ 13 թանգարաններ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, ներառեալ Կաթողիկոսարանիս երկու թանգարանները։

 

Նշենք, որ թանգարաններուն մուտքը ազատ է, իսկ փոխադրամիջոցներ ապահովուած են մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութեան համար կարելի է հետեւիլ «Թանգարաններու գիշեր» դիմատետրին էջին՝ Nuit des Musées Liban, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանիս թանգարաններու դիմատետրի էջերուն՝ Cilicia Museum Կիլիկիա Թանգարան եւ Armenian Genocide Orphans’ “Aram Bezikian” Museum։