20 June, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ

Երեքշաբթի, 19 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը։ Պատուիրակութեան Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի  կացութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան։

 

Վեհափառ Հայրապետը, առաջին հերթին, պատուիրակութիւնը տեղեակ պահեց շրջանէն ներս տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն մասին եւ ապա ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած իրողութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ պատասխանեց պատուիրակութեան անդամներուն կողմէ ուղղուած շարք մը հարցումներուն։

 

Պատուիրակութեան այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու Միացեալ Նահանգներու մեր համայնքներուն ու առաջնորդարաններուն մասին։

 

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութիւնը այցելեց Մայր Տաճար, Սրբոց Նահատակաց յուշարձան եւ Հայաստանի անկախութեան յուշակոթող։