ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 27 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ «Կրօնը եւ Կենսոլորտը» խորագիրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին միջեւ 8-րդ երկխօսութիւնը։

 

Բացման նիստին հանդէս եկան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու վերոյիշեալ կեդրոնին նախագահը՝ Դոկտ. Իպրահիմի Թիւրքմէնը։

 

Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին իր գնահատանքը յայտնեց տուեալ երկխօսութեան նախաձեռնութեան՝ ընդգծելով նիւթին անհրաժեշտ ու այժմէական բնոյթը եւ բարի գալուստ մաղթեց Իրանէն ժամանած հիւրերուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները։

 

Հանդէս գալով «Կրօնը եւ Կենսոլոտը» նիւթին իր ներկայացումով, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ ոչ թէ տեսական, այլ գոյութենապաշտ մօտեցումով պիտի արծարծուին կենսոլորտին դիմագրաւած տագնապները, նկատի ունենալով որ տագնապը առաջին հերթին մարդուն, արարիչին ու արարչութեան հետ յարաբերութեան չարաշահումին հետեւանքն է։ Քրիստոնէական տեսանկիւնէն դիտելով, Հայրապետը նշեց, որ այն ինչ որ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է բարի է, սակայն մարդոց ուժի ապօրինի գործածութիւնն ու անձնական շահերու հետապնդումը պատճառ կը դառնան կենսոլորտի քայքայման։ Մարդ արարածը պատասխանատուութիւն ունի կենսոլորտին ու բնութեան հանդէպ. ան ոչ թէ տէրն է, այլ ծառան է, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ան շեշտեց, որ կենսոլոտին ճգնաժամը հիմնականօրէն աստուածաբանական, բարոյական ու բարոյագիտական hիմք ունի։ Մէկ կողմէն տնտեսական անհաւասար աճը, միւս կողմէն աղբիւրներու անհաւասար դասաւորումը պատճառ դարձած են աղքատութեան ու պատերազմներու, որոնք կենսոլորտի չարաշահումի հիմնախնդիրներէն են։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը ընդգծեց, որ աղբիւրներու հաւասար բաշխումը, ստեղծագործութեան հանդէպ բարոյական արժէքներով մօտեցումն ու Աստուծոյ հանդէպ պատասխանատուութիւնը կրնան լուծել կենսոլորտին ճգնաժամին խնդիրը։

 

Ապա, խօսք առաւ Դոկտ. Իպրահիմի։ Ան, առաջին հերթին, շնորհակալական խօսք ուղղեց Նորին Սրբութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այս երկխօսութեան հիւրընկալութեան համար։ Խօսելով մարդոց կենսոլորտին հանդէպ պատասխանատուութեան մասին, թուեց երկու հիմնական դիրքորոշումներ, որոնցմէ առաջինը կը պաշտպանէ այն թէզը, որ մարդ արարածը ժառանգորդ է եւ իր կարգին կենսոլորտը պիտի փոխանցէ իր յաջորդներուն, իսկ երկրորդը կը պաշտպանէ այն թէզը, որ մարդ արարածը տէրն ու տիրականն է կենսոլորտին։ Դոտկ. Իպրահիմին իր ներկայացումը շարունակեց՝ ընդգծելով մարդոց ագահութեան եւ անպատասխանատուութեան հետեւանքով տեղի ունեցած վնասները, որուն պատճառներէն մէկն է Աստուծոյ հետ խզումը, եւ ընդծեց կրօնական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը այս առնչութեամբ։ Աւարտին, ան յոյս յայտնեց, որ տուեալ երկխօսութիւնը իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ բարելաւելու մարդոց կենսամակարդակը եւ ապահովելու յաջորդող սերունդներուն բարեկեցիկ կեանքը։

 

Նշենք, որ «Կրօնը եւ Կենսոլորտը» երկխօսութեան առաջին նիստին ներկայացում ունեցան Այաթոլլա Դոկտ. Ահմետ Մոպալաղի եւ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան՝ «Կրօնապետներու Փոխազդեցութիւնը Կենսոլորտին Վրայ. Մոհամետ Մարգարէի Եւ Յիսուս Քրիստոսի Օրինակով» նիւթով, որմէ ետք յիշեալ նիւթին շուրջ տեղի ունեցաւ քննարկում։

 

Եռօրեայ երկխօսութեան առաջին օրը իր աւարտին հասաւ պաշտօնական խմբանկարով մը։