Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին աբեղայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ։ Լիբանանի պետական նուագախումբը, խմբավարութեամբ մայէսթրօ Յարութ Ֆազլեանի եւ մենակատարութեամբ աշխարհահռչակ սօփրանօ Յասմիկ Պապեանի, դիւթեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը, որմէ մաս մը ժամանած էր Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն։ Ձեռնարկին ներկայ էին դիւանագիտական ու համայնքային, ինչպէս նաեւ Լիբանանի համայնքի զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ։
Համերգի ընթացքին խօսք առաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Տիկին Սեդա Խտըշեան։ Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ պատիւ ու պարծանք ըլլալէ բացի, դժուար պատասխանատուութիւն մըն է արժեւորել սփիւռքահայ կեանքին մէջ ազգային, կրօնական ու մշակութային բնագաւառներու մէջ եզակի դերակատարութիւն ունեցած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մասին։ Հայրապետին լայնածաւալ գործունէութիւնը հակիրճ տողերով ներկայացնելով, Տիկ. Խտըշեան լուսարձակի տակ առաւ իր կեանքին ու ծառայութեան մէջ Նորին Սրբութեան ցուցաբերած ամբողջական նուիրումը, հզօր անհատականութիւնը, տեսակէտ ու կեցուածք ունեցող մարդը, ինչպէս նաեւ իր հոգեմտաւոր լայն հորիզոնը մեր եկեղեցին, ազգը ու ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայրապետին հարուստ իրագործումներուն միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մարզերէն ներս։
Համերգի աւարտին, Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, յանուն Վեհափառ Հայրապետին, շնորհակալական խօսք արտասանեց ձեռնարկի նախաձեռնութեան ու իրագործումին նպաստած ազգայիններուն ու արուեստագիէտներուն։ Ապա, Միաբանութեան անունով, Նորին Սրբութեան նուիրեց Հայրապետական Ասա մը, որուն արուեստագէտն է Սիմոն Առաքելեան եւ բարերարը՝ նախկին դպրեվանեցի Քրիստափոր Աճեմեան։
Նշենք, որ ձեռնարկին նախաձեռնութիւնը ու անոր նիւթապէս նպաստողն էր ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ ու Անի Պէզիքեան ամոլը։