Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Երեքշաբթի, 12 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին առաջին շրջանաւարտներուն վկայականաց բաշխումը։
Ի դէպ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ յանձին Նորին Սրբութեան արեւմտահայերէնի հանդէպ յատուկ հոգածութիւնը 2012-2013 տարեշրջաններուն թարգմանուեցաւ արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքներու ստեղծմամբ, որ ապագային վերածուեցաւ հայրենագիտական նիւթերու դասընթացքի, իսկ ներկայիս կը գործէ որպէս Հայագիտական Կեդրոն։ Նշենք, որ այս ծրագիրին առաջին երեք տարիներուն ղեկավարն էր հանգուցեալ Տիար Սարգիս Կիրակոսեանը, իսկ յաջորդող տարիներուն՝ Տիար Ժիրայր Դանիէլեանը։
Շրջանաւարտներուն սրահ մուտքէն ետք, ձեռնարկին հանդէս եկաւ Կեդրոնի տեսուչ՝ Պրն. Դանիէլեան։ Ան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ոդիսականը, որ Անթիլիաս հաստատուելէն ետք, իր առաքելութիւնը, ամէն բանէ վեր, ամփոփած է հայ ինքնութեան պահպանման ու ծաղկման մէջ։ Տեսուչը յայտնեց, որ ինչպէս Կաթողիկոսութեան բոլոր գահակալները, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւս կարեւորած է հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը։ Ան թուեց Նորին Սրբութեան նախաձեռնած բազմաթիւ կոթողական հրատարակութիւնները, համագումարներն ու գիտաժողովները, հասնելով մինչեւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնախումբի կազմութեան։ Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան իր խօսքը աւարտեց վերոնշեալ ծրագիրներու ծիրին մէջ ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական Կեդրոնը՝ նշելով, որ 2012 թուականէն ի վեր աւելի քան 100 ուսանողներ մասնակցած են ծրագիրին եւ այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, ծրագրուած եռամեայ դասընթացքները յաջողութեամբ աւարտած 13 ուսանողներ կը ստանան իրենց վկայականները։ Ան յայտնեց, որ դասընթացքներուն առաջին հունձքը կը հանդիսանան եռամեայ դասընթացքին հետեւող ուսանողները, որոնք ամբողջացուցած են, ի շարս այլոց, հայերէն լեզուի, մատենագրութեան, գրականութեան, եկեղեցագիտութեան, հայ արուեստի, հայոց պատմութեան, հայ դատի եւ մանուկի հոգեբանութեան դասընթացքները։ Ուսանողները դասախօս ունեցած են լիբանանահայ գաղութէն մանկավարժներ, ինչպէս նաեւ, վերջին երկու տարիներուն, Հայաստանէն ժամանած հիւր մասնագէտ դասախօսներ։
Շրջանաւարտներու անունով ուղերձ կարդաց Տիկ. Մարալ Ղարիպեան։ Վկայակոչելով Վեհափառ Հայրապետին առաքելութեան գիծը, ուր հայ եկեղեցին կը դարձնէ նաեւ հայրենիք ու մշակոյթ, շրջանաւարտներուն անունով շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան ընծայած առիթին եւ ուխտեց հետեւիլ Հայրապետին օրինակին ու գուրգուրալ հայոց ոսկեղնիկին։
Աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հայագիտութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ յայտնեց, որ հարկ է բաց միտքով տեսնել մեր թերութիւններն ու բացթողումները, որպէսզի կարենանք սրբագրել զանոնք։ Ան ըսաւ, որ մեր կեանքին մէջ հայագիտական մարզը լուսանցքայնացած է եւ անհրաժեշտ նախանձախնդրութիւնը չի ցուցաբերուիր բարելաւելու համար այս մարզը։ Այս առնչութեամբ Հայրապետը շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատուկ հոգածութեամբ կը ծաւալէ իր աշխատանքները հայագիտութեան ոլորտին մէջ, ոչ միայն հայագիտական դասընթացքներու ընդմէջէն, այլ նաեւ հրատարակութիւններու, դասախօսութիւններու, խորհրդաժողովներու եւ շարք մը այլ ծրագիրներու ճամբով։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ յառաջիկայ տարիներուն Հայագիտական Կեդրոնը ա՛լ աւելի պիտի ծաղկի եւ կոչ ուղղեց հայագիտութեան վրայ գուրգուրացող հայորդիքին մաս կազմելու այս ծրագիրին։
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Դպրեվանքի սարկաւագներէն Կարապետ Պալեան (Մուշեղ Իշխանի «Գիրքեր սիրելի» ասմունքով) եւ Կարապետ Էօրտէքեան (Գառնիկ Ադդարեանի «Հայաստան» ասմունքով) եւ Դպրեվանքի սաները՝ «Կիլիկիա» քայլերգով։