24 Հուլիսի, 2018

ՅԱՆՈՒՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

Աթենքի արուարձաններէն մէկուն մէջ, վերջին օրերուն ու տակաւին շարունակուող անտառային հրդեհներու զոհ գացին մեծ թիւով քաղաքացիներ։ Այս տխուր առիթով, երէկ՝ Երկուշաբթի, 23 Յուլիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին թելադրութեամբ, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան կապ հաստատեց Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Նորին Ամենապատուութիւն Հերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին հետ եւ յանուն Նորին Սրբութեան եւ Յունաստանի հայութեան իր ցաւակցութիւնը յայտնեց, միաժամանակ շեշտելով հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն դարաւոր բարեկամութիւնը։

More News