Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԻՏԱԼԻԱ

Ընդառաջելով Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապի հրաւէրին, այսօր երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը Մարոնիթ եկեղեցւոյ Րաայի Պատրիարքին հետ յատուկ օդանաւով մեկնեցաւ Իտալիա, մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած հաւաքին։ Յիշեալ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ հարաւը գտնուող Պարի քաղաքին մէջ։   Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանք պիտի վերադառնայ Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ին։

«ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵՐ Ս. ԱԹՈՌԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲՆԱԳԱՒԱՌՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

      Անցնող քանի մը շաբաթներու ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործօն մասնակցութեամբ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական կարեւոր հանդիպումներ տեղի ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Այս գծով օրին մամուլի ճամբով հակիրճ տեղեկութիւններ տրուեցան։ Սակայն, նկատի ունենալով յիշեալ հանդիպումներուն քննարկած նիւթերուն կարեւորութիւնը, Կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթը խնդրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսէն, որ իր արժեւորումը փոխանցէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն,…