Երկուշաբթի, 25 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական հիմնարկի նախագահ՝ Դոկտ. Ճորճ Սապրան։ Վերջինս ընդհանուր գիծերով Նորին Սրբութեան ներկայացուց հիմանարկին ակադեմական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները՝ զանազան բնագաւառներէ ներս։
Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հիմնարկին կողմէ կատարուող աշխատանքը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու հիմնարկին միջեւ զարգացող գործակցութիւնը։ Նշենք, որ թէ՛ միաբան հայրեր եւ թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր թեմերէն ներս ծառայութեան կոչուող թեկնածուներ կ՚ուսանին յիշեալ հիմնարկէն ներս։
Յայտնենք, որ հիմնարկի նախագահին այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութիւնը հրաւիրել դասախօսելու Սեպտեմբերին կայանալիք համագումարին՝ «Եկեղեցին եւ Քաղաքականութիւնը» նիւթին շուրջ։