«ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԲԱԺԱՆ ՄԱՍԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ ամեակը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընդմէջէն, զոր մատոյց Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ որուն երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։ Ոգեկոչման ներկայ էին Մայրավանք ժամանած հայ թէ օտար ուխտաւորներ,  պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, հայկական երեք կուսակցութիւնները, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու հոծ բազմութիւն մը։

 

Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Սրբոց Նահատակաց յուշակոթող, ուր Նորին Սրբութիւնը արտասանեց իր հայրապետական պատգամը։

 

Վեհափառ Հայրապետը ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնեց, որ Ապրիլ 24-ը սովորական օր չէ, այլ  իւրաքանչիւր հայուն համար ինքնաճանաչման եւ ինքնագիտակցութեան օր է, որուն խորհուրդն ու պատգամը կ՚անդրանցնի ժամանակն ու միջոցը։ Հայրապետը Աւետարանէն մէջբերում կատարելով՝ յորդորեց վերապրող հայ ժողովուրդը չվախնալ անոցնմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն միայն, եւ ցեղասպանը, որ չկրցաւ սպաննել հայու հոգին, այսօր փաստօրէն, աւելի քան դար մը ետք, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր պահանջատիրական պայքարը։

 

Անդրադառնալով օտար մամուլին հայ ժողովուրդին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը «մեռելներու յիշատակի օր» անուանումին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ ճիշդ է, մենք կը յիշենք մեր մեռելները եւ կը խոնարհինք անոնց յիշատակին առաջ, սակայն միաժամանակ հաւատարիմ կը մնանք մեր նահատակներու կտակին։ Մենք աշխարհին կը յիշեցնենք մեր արդար իրաւունքներուն պահանջատիրութիւնը, մեր գիտակից ու յանձնառու ժողովուրդ ըլլալը. մենք չե՛նք կրնար մոռնալ, որ Թուրքիան մէկուկէս միլիոն հայերու արիւնը թափեց ու հազարաւոր եկեղեցիներ ու ազգապատկան կալուածներ բռնագրաւեց ու շարունակէ բռնագրաւել։

 

Խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին, Հայրապետը յատկապէս շեշտեց. «Նայեցէ՛ք Կաթողիկոսարանին, նայեցէ՛ք իր գործին, ծառայութեան ու առաքելութեան. հո՛ս է մեր նահատակներուն աճիւնները, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ է մեր վերածնունդի յուշակոթողը, հո՛ս է մեր անկախութեան յուշակոթողը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յուշակոթող չէ՛, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վայր չէ՛, այլ՝ առաքելութի՛ւն է, ծառայութի՛ւն է, պահանջատիրութի՛ւն է»։

 

Հայրապետական պատգամէն անմիջապէս ետք, ներկայ բազմութիւնը միաբերան երգեց «Կիլիկիա» քայլերգը։