Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՏԻԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Շուրջ ժամ մը առաջ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդին՝ Տիար Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ։

 

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց բռնարարքներէ հեռու մնացած եւ Հայաստանէն ներս ընկերային արդարութիւն հաստատելու ձգտող ժողովրդային շարժումը, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Տիար Փաշինեանին, որ կը փորձէ սահմանադրական ճամբով ու համախոհական ոգիով երկիրը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերել։

 

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ ներկայ ճգնաժամային կացութեան շարունակումը ահաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ Հայաստանին՝ ցնցելով անոր պետականութեան հիմքերը։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կարելի փութով լուծման ճամբաներ որոնել՝ փոխադարձ հասկացողութեան ու հանդուրժողութեան ոգիով՝ միշտ մեկնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ու մեր ազգին գերագոյն շահերէն։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը Հայաստանը ներկայ կացութենէն դուրս բերելու ձգտող եւ քաղաքական լուծման առաջնորդող իր պատկերացումը փոխանցեց Տիար Փաշինեանին։ Այս ուղղութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի շարունակէ իր աշխատանքը։

 

Յայտնենք, որ այսօր Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնին խօսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Արմէն Սարգսեանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Արցախի Հանրապտութեան նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ։