23 June, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ, Ն.Ս. ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ԵՒ Ն.Ս. ՄԱՐ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԱԹՇԱՆԷԻ ՄԷՋ

21-22 Յունիս 2018-ին, Աթշանէի, Լիբանան, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ն.Ս. Թաուատրոս Բ եւ Ն.Ս. Մար Աֆրամ Բ. պատրիարքներուն միջեւ հանդիպում մը՝ խորհրդակցելու հայ, ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներուն առնչուած հարցեր ու մարտահրաւէրներ, յատկապէս Միջին Արեւելքի ծիրէն ներս։

 

Երեք եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցական կառոյցը հիմնուած է 1997 թուականին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ասորի Զաքքա եւ ղպտի Շնուտա պատրիարքներուն միացեալ ճիգերով։ Կառոյցին նպատակն է ընդհանրապէս յիշեալ երեք եկեղեցիներուն եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ անոնց համայնքներուն առնչուած նիւթեր քննարկել եւ միացեալ լուծումներ որոնել՝ շեշտը դնելով միշտ գործակցութեան վրայ։ Երեք հոգեւոր պետերը նաեւ նշանակած էին Գործադիր Վարչութիւն մը՝ յարակից ենթայանձնախումբերով, երեք եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական ուսմանց, քրիստոնէական դաստիարակութեան, հրատարակչութեան, երիտասարդութեան, տեղեկատուութեան եւ այլ յարակից մարզերէ ներս գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հեռանկարով։ Վերոյիշեալ Գործադիր Վարչութեան անդամներն են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։

 

Աթշանէի մէջ տեղի ունեցած երեք հոգեւոր պետերու հանդիպումէն առաջ, Գործադիր Վարչութիւնը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ եւ ապա իր զեկոյցը ներկայացուց հոգեւոր պետերուն։ Զեկոյցը ներառած էր ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հետ աղերս ունեցող հարցեր, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական շարք մը աշխատանքներ ու ծրագիրներ։ Երեք հոգեւոր պետերը քննարկելէ ետք իրենց ներկայացուած զեկոյցը միացեալ յայտարարութիւն մը կատարեցին, ուր յատուկ կերպով շեշտուեցաւ Միջին Արեւելքին կառչած մնալու եւ միջ-եկեղեցական գործակցութեամբ իրենց դաւանական միութիւնը գործնապէս արտայայտելու հրամայականը։

 

Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր, հոգեւոր պետերը մասնակից դարձան ասորի վանքէն ներս նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման, ինչպէս նաեւ սուրբ եւ անմահ Պատարագին։ Ապա անոնք այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք եւ Ցեղասպանութեան Յուշարձան, որմէ ետք հիւրասիրուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Նոյն երեկոյեան անոնք այցելեցին նաեւ Անտիոքի ուղղափառ պատրիարք Եազիճիին։ Նշենք, որ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը ներկայ եղաւ վերոյիշեալ Պատարագին եւ ապա երեք հոգեւոր պետերը այցելեցին անոր։

More News