ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահին անձնական ներկայացուցիչը՝ Ֆոդիս Ֆոդիուն։

 

Արդարեւ, Ֆոդիս Կիպրոսի համայնքներու եւ կիպրական սփիւռքի առնչուած հարցերու պատասխանատուն է։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպանուհի՝ Քրիսթինա Ռաֆթին եւ դեսպանատան քաղաքական ու հիւպատոսական հարցերու պատասխանատուները։

 

Առաջին հերթին Ֆոդիս Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց նախագահին անձնական ողջոյններն ու շնորհակալութիւնները իր վերընտրութեան առիթով Հայրապետին ցուցաբերած զօրակցութեան համար։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Նորին Սրբութեան առաջարկին հետեւելով, պետութիւնը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարանին ու դպրոցներուն տրուող տարեկան նպաստին վրայ յաւելում կատարած է։

 

Ապա, աւելի քան ժամ մը տեւած մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներու փոխանակում կատարելու Կիպրոսի հայ համայնքին, Լիբանանի ներկայ կացութեան, Միջին Արեւելքին, հայ դատին եւ Հայաստան-Կիպրոս յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող հարցերու շուրջ։

 

Հանդիպման աւարտին յուշանուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ. ապա, պատուիրակութիւնը այցելեց Կաթողիկոսարանի Նահատակաց յուշարձան։