ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով այցելութիւն մը տուաւ «Թռչնոց Բոյն»ի որբերուն, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ Գայեանեան Քոյրերուն կողմէ։

Նորին Սրբութիւնը աշակերտութեան հետ ժամանակ անցուց, լսեց մանուկներուն կողմէ Իրեն համար պատրաստուած Նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան յատուկ երգերն ու արտասանութիւնները եւ աւարտին անոնց նուէրներ բաժնեց։