Շաբաթ, 25 Օգոստոս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանին։
Երկար հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած շարք մը հարցեր։