4 Նոյեմբերի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 4 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը։ Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, Արհիապատիւ Մանուէլ Եպս․ Պաթագեան եւ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Գերպ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Մայր Տաճարի լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։

 

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Հայաստան-Սփիւռք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր։

 

Յայտնենք, որ Հոգեւոր Տիրոջ այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել Վեհափառ Հայրապետին ձեռնադրութեան յիսնամեակը։

More News