Ուրբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքի յանձնախումբին հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Հոգշ. Տ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մօտէն իրազեկ դարձաւ Երիտասարդական Բաժանմունքին կողմէ ծրագրուած նոր աշխատանքներուն ու գործունէութեանց։ Հայրապետը անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ «երիտասարդութիւնը կը պատկանի մեր ներկային. հետեւաբար, հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ ան միշտ պէտք է գրաւէ առաջնահերթ ներկայութիւն։ Այս գիտակցութեամբ եւ այս մօտեցումով պէտք է ծրագրաւորել յառաջիկայ աշխատանքները, նկատի ունենալով մեր առջեւ յարուցուած նոր մարտահրաւէրները», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Ան բարձր գնահատեց Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքին ցարդ կատարած աշխատանքները եւ իր օրհնութիւնն ու հաւանութիւնը տուաւ յառաջիկայ աշխատանքներուն։
Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքը յառաջիկայ տարիներուն համար շուտով մեր երիտասարդութեան պիտի ներկայանայ նորանոր մեթոտներով պատրաստուած աշխատանքային ծրագիրներով։