ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2018-ին, Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին միջեւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այս առիթով, վսեմաշուք նախագահը անգամ մը եւս իր ջերմ շնորհաւորութիւնները յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով։

 

Սոյն հաղորդակցութիւնը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Արցախի Հանրապետութեան ներկայ վիճակին մասին։ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս շեշտեց Սփիւռքին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամուր կապուածութիւնը Արցախի անկախութեան ու ծաղկման բոլոր աշխատանքներուն։

 

Յայտնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ուղերձ մը յղած էր Վեհափառ Հայրապետին՝ իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով, որ ընթերցուեցաւ ի պատիւ Նորին Սրբութեան տրուած պաշտօնական ընթրիքի ընթացքին։