28 September, 2018

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-Ը ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

20-22 Սեպտեմբեր 2018-ին, Եգիպտոսի Նասր քաղաքի Ս. Մարկոս կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան (World Students Christian Federation) Միջին Արեւելքի շրջանային ժողովը։ Ժողովին կը մասնակցէր Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան ատենապետ՝ Կարէն Եօսուլքանեանը։ Ժողովին ներկայ էին այլ եկեղեցիներու 22 ուսանողական միութիւններ եւս։

 

Ժողովը սկիզբ առաւ նախորդ տարուան ժողովին արժեւորումով եւ ապա ընթերցուեցաւ Միջին Արեւելքի քարտուղարին եւ այլ զեկոյցներ եւ ապա՝ քննարկում եւ առաջարկներ։ Զեկոյցներու ընթացքին, իւրաքանչիւր միութիւն տարուան ընթացքին իր կրթական եւ միջ-եկեղեցական աշխատանքները ներկայացուց։

 

Ապա, ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ երիտասարդաց առաջնորդ Մուսա Եպիսկոպոսը այցելեց ժողովականներուն։ Ժողովի ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի քարտուղարի եւ Շրջանային Վարչութեան նախագահի նոր ընտրութիւն։ Քարտուղար ընտրուեցաւ Միրա Նաայմէն, իսկ նախագահ՝ Զայտ Հատտատը։

More News