Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐՈՒՈՂ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ազգային ծերանոցի տնօրէն Վեր. Սեպուհ Թերզեանը: Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահել ազգային ծերանոցէն ներս կատարուող աշխատանքներու շուրջ: Նորին Սրբութիւնը լսելէ ետք տնօրէնին զեկոյցը եւ իմանալէ յետոյ հոն կատարուող նուիրական ծառայութեան մասին, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց, տնօրէնութեան, խնամակալութեան, բժշկական կազմին ու բուժ-քոյրերուն:

 

Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Ազգային ծերանոցը մեր ազգին կարեւոր կառոյցներէն մէկն է՝ մեր յառաջացեալ տարիքի մէջ գտնուող մեր հայրերուն ու մայրերուն տրուող բժշկական խնամքով, մարդասիրական հոգածութեամբ ու ընկերային ծառայութեամբ: Աւետարանի բացատրութեամբ «Բարի Սամարացիի» հոգածութիւնն է որ կը կատարէ ազգային ծերանոցը խնամքի կարօտ մեր ծնողներուն: Հետեւաբար, պէտք է գուրգուրալ ու հոգածու դառնալ այս կեդրոնին նկատմամբ, մեր նիւթական օժանդակութեամբ գործնապէս սատար հանդիսանալով հոն կատարուող ծառայութեան»:

 

Յայտնենք, որ ներկայիս 138 ծերունիներուն խնամք կը տրուի ծերանոցէն ներս: Մէկ միլիոն տոլարէ աւելի տարեկան պիւճէ ունեցող հաստատութիւնը կը դիմագրաւէ տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ հակառակ մեր ժողովուրդին կողմէ կատարուող նուիրատուութիւններուն: Ինչպէս, Վեհափառ Հայրապետը կը պատգամէ՝ անհրաժեշտ է մեր նիւթական մասնակցութեամբ օգտակար դառնալ մեր ազգային այս կարեւոր հաստատութեան: