Չորեքշաբթի, 15 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատար՝ Պետրոս Թերզեանը։ Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Տիար Թերզեանի, որուն ծանօթ է երկար տարիներէ ի վեր, նշանակումը յիշեալ յոյժ կարեւոր պատասխանատուութեան եւ իր համոզումը յայտնեց, թէ ան պիտի կարենայ իրեն վստահուած կարեւոր առաքելութիւնը կատարել խոր գիտակցութեամբ ու ամբողջական նուիրումով։
Տիար Թերզեան Հայրապետին պարզեց վերջերս Հայաստանի ու Արցախի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետին հետ ունեցած խորհրդակցութիւնները «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերակազմակերպելու ու վերաշխուժացնելու ձգտող։
Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, կարեւորութեամբ շեշտեց հիմնադրամին աշխատանքներուն նոր թափ տալու հրամայականը, որպէս զօրեղ կամուրջ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք գործակցութեան, ինչպէս նաեւ իբրեւ ազդու միջոց Հայաստանի ու Արցախի ծրագիրներուն Սփիւռքի գործնական մասնակցութեան։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը պարոն Թերզեանի ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ կէտերը.- ա) անհրաժեշտ է հիմնադրամին նկատմամբ Սփիւռքի վստահութիւնը ամրապնդելու նոր միջոցներու որոնումը, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի լայն մաշտապով ապահովել Սփիւռքի հայութեան ներդրումը հիմնադրամին. բ) շուրջ 25 տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ եւ ստեղծուած նոր պայմաններու յարաբերաբար, անհրաժեշտ է հիմնադրամի կառոյցը, գործելակերպը ու առաջնահերթութիւնները վերատեսութեան ու վերարժեւորման ենթարկել։ Այս ծիրէն ներս, բնականաբար, պէտք է շարունակել առաջնահերթութիւն տալ Արցախին՝ հասկնալի պատճառներով. գ) հիմնադրամի աշխատանքներուն Սփիւռքի գործնական զօրակցութիւնը աւելի ապահովելու հեռանկարով, անհրաժեշտ է, որ անոր տնօրէնը նախընտրաբար սփիւռքահայ մը ըլլայ, ինչպէս նաեւ անոր աշխատակազմին մէջ ներառուին Սփիւռքի կարեւոր գաղութներէն անձեր։
Ապա, Հայրապետը շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր թեմերով, պիտի շարունակէ գործնապէս զօրավիգ կանգնիլ հիմնադրամին որդեգրած բոլոր ծրագիրներուն։