12 Դեկտեմբերի, 2018

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՓԱՐԻԶԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2018-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսական «Արեւելքի Վտանգուած Քրիստոնեաներու Համակարգում»ին (ՔՐԷՏՕ) կողմէ կազմակերպուած «Վերջ տալ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն եւ Փոքրամասնութիւններուն դէմ կիրարկուած խտրութեան» խորագրեալ միջազգային խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան Միջին Արեւելքի քրիստոնէական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, իսլամ կրօնականներ, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի պետական ներկայացուցիչներ ու դիւանագէտներ: Խորհրդաժողովին հիմնական նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն:

 

Սոյն խորհրդաժողովին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպույեանը:

 

Սրբազան հայրը իր արտասանած խօսքին մէջ նախ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյններն ու գնահատական խօսքը խորհրդաժողովի նախաձեռնութեան առնչութեամբ: Ապա, ըսաւ, որ կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ծայրայեղականութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը կը պառակտեն իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը, մինչդեռ Միջին Արեւելքը միշտ եղած է տարբեր կրօններու, քաղաքակրթութիւններու ու մշակոյթներու օրրանը, ուր քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնները դարեր շարունակ միասին ապրած են: Սրբազանը կարեւորեց Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն խաղաղութեամբ ապրելու անհրաժեշտութիւնը, ուր իւրաքանչիւր կրօնքի պատկանող համայնք կը պահէ իր հաւատքն ու աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ պատերազմներու պատճառով ստիպողաբար իրենց երկիրներէն հեռացած գաղթականները շուտով կը վերադառնան իրենց հայրենիքը՝ երաշխիքը ունենալով արժանավայել ու ապահով կեանքի մը:

 

Իր օրակարգը աւարտելէ ետք, խորհրդաժողովը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ բոլոր մասնակիցները դէմ են Միջին Արեւելքի իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը խաթարող ամէն տեսակի փորձերու եւ քրիստոնեայ-իսլամ համերաշխութեան եւ համագործակցութեան պահպանումն ու ամրապնդումը կը դիտեն որպէս տարածաշրջանի բարօր ապագայի կարեւորագոյն երաշխիքներէն մէկը:

 

Յայտնենք, որ յիշեալ համագումարին կազմակերպիչները այցելած էին Նորին Սրբութեան եւ ստացած անոր թելադրանքները համագումարի կազմակերպութեան ու կատարելիք յայտարարութեան գծով։

More News