«ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է. ԱՅՍ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերջին Ազգային Ընդհանուր Ժողովին ուղղած իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը։ Անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին իր կատարած հաստատումին, թէ Հայաստանը կը պարպուի եւ Սփիւռքը կը մաշի, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «հաւաքական ճիգով թոյլ պէտք չէ տանք, որ ո՛չ Հայաստանը պարպուի եւ ոչ ալ Սփիւռքը մաշի։ Սա մեր դիմաց գտնուող մեծագոյն մարտահրաւէրն…