Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ին, “Le Royal” պանդոկին մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ ի յարգանս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով։
Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ՝ Գրիգոր Մահսերեճեան. կարդացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանի ուղերձը եւ ապա յաջորդաբար խօսք առին վարչապետի պաշտօնակատար Տիար Նիկոլ Փաշինեանն ու Նորին Սրբութիւնը։
Մահսերեճեան արտասանելով բացման խօսքը՝ ըսաւ, որ Նորին Սրբութեան նկարագիրին գերակշիռ յատկութիւններէն են համահայկական մտածողութիւնն ու աշխատանքի մղող նկարագիրը, ինչպէս նաեւ եկեղեցին պատերէն անդին տանելու յանձնառութիւնը։
Տիար Պետօ Տէմիրճեան ընթերցեց Նախագահ Բակօ Սահակեան ուղերձը, ուր ան կը նշէ, որ Նորին Սրբութեան ձեռնադրութեան եւ օծման յիսնամեակը նշանակալից իրադարձութիւն է ոչ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար, այլ նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ Սփիւռքի բազմաթիւ օճախներուն համար։ Իր եւ Արցախի ժողովուրդին ու իշխանութեան շնորհաւորանքը յայտնելէ ետք, նախագահ Սահակեան կ՚ընդգծէ, որ Արցախը բարձր կը գնահատէ Նորին Սրբութիւնը եւ անոր գործունէութիւնը որպէս Կաթողիկոս, հոգեւորական, հասարակական գործիչ եւ հայրենանուէր մարդ. «Դուք մեծածաւալ ազգանպաստ գործունէութիւն էք իրականացնում կրթական-հայագիտական ծրագրերի, միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական կապերի ընդլայնման ու խորացման ուղղութեամբ», կը նշէ նախագահը ու կը շարունակէ ըսելով, որ Վեհափառ Հայրապետը, թէ՛ օրհասական պահուն եւ թէ՛ յաղթական ժամուն, միշտ նեցուկ կանգնած է հայ ազգին՝ իր գործօն աջակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ:
Ապա, բեմ բարձրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Տիար Նիկոլ Փաշինեան, որ շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետին ձեռնադրութեան 50-ամեակը՝ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն։ Փաշինեան ընդգծեց Նորին Սրբութեան ծառայասիրութիւնը եւ ըսաւ, որ 50 տարուան հոգեւոր ծառայութիւնը գործնականացուցած է «զրուցելով» Աստուծոյ եւ ժողովուրդի հետ, եւ բնական է, որ նման նուիրական անհատ մը վայելէ համատարած վստահութիւն ու յարգանք թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ։
Աւարտին, իր խօսքը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց իր ձեռնադրութեան համար կազմակերպուած երեկոյին ու ջերմ շնորհաւորանքներուն համար։ Հայրապետը ընդգծեց, որ մեր կեանքին իմաստն ու նպատակը չի կրնար ըլլալ այլ բան քան ծառայութիւնը. ան ըսաւ, որ իր 50-ամեայ հոգեւորականի կեանքին մէջ՝ ազդուելով իր նախորդ երեք Կաթողիկոսներէն եւ ըլլալով անոնց անջնջելի հետքերով կազմաւորուած, կը մատուցանէ իր ծառայութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղելով վարչապետի պաշտօնակատարին, ընդգծեց, որ թաւշեայ յեղափոխութեան առաջին օրերէն իսկ կապ հաստատելով Փաշինեանի հետ շեշտած է յեղափոխութեան հանգուցալուծման առաջնորդող յեղափոխութիւն մը ըլլալուն կարեւորութիւնը, որ հետապնդէ մէկ նպատակ՝ Հայաստանի հզօրացում։ Անդրադառնալով Սփիւռքին, Հայրապետը ըսաւ, որ հարկադրաբար Հայաստանէն հեռու ապրած է Սփիւռքը, տագնապած է անոր ցաւերով եւ ուրախացած անոր վերանկախացումը տեսնելով, սակայն մեր ժողովուրդը ոչ միայն կ՚ուզէ տեսնել անկախացած Հայաստանը, այլ՝ Հայաստանը կ՚ուզէ տեսնել Արարատո՛վ։
«Այս հանգրուանին, պէտք է հզօրացնենք Հայաստանը ի խնդիր Մեծ Հայաստանին։ Զօրացնենք Սփիւռքը, որպէսզի Հայաստանը աւելի հզօրանայ։ Հայաստանը հզօրացնենք, որպէսզի Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ եռամիութիւնը փոխադարձ հասկացողութեամբ, ամբողջական համագործակցութեամբ, դերերու յստակեցումով, աշխատանքի բաժանումով, սակայն մէկ ազգի, մէկ հայրենիքի եւ մէկ ապագայի տեսլականով քալենք դէպի ժողովուրդի պայծառ ապագայ։ Հետեւաբար, իմ սպասումս է, որ Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդի մասնակցութեամբ յառաջացած թաւշեայ յեղափոխութիւնը այս գիտակցութեամբ ու հաւատքով հզօրացնէ մեր հայրենիքը։ Կը վստահեցնեմ ձեզի, թէ Սփիւռքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ձեզի հետ է, Հայաստանին հետ է, Արցախին հետ է», իր խօսքը եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։
Նշենք, որ Գերշ. Տ. Նաթան Արք. Յովհաննէսեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան անունով Նորին Սրբութեան նուիրեց յուշանուէր մը՝ Ս. Էջմիածնի ոսկեձոյլ խաչի մանրակերտը, իսկ Վեհափառ Հայրապետը Նիկոլ Փաշինեանին նուիրեց Բարձր Բերդի ձեռագիր աւետարանին կրկնօրինակը։
Յայտնենք, որ ճաշկերոյթէն առաջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Անթիլիասի Մայրավանքի եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Սրբոց Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, ներկայութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ Միաբանութեան։