Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՒԱՒ ՀԵՀՈՄ-Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նորընտիր վարչութիւնը, որուն կը գլխաւորէր միութեան նորանշանակ հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեանը։ Հանդիպման ընթացքին խօսք առաւ հոգեւոր խորհրդատուն եւ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելէ ետք ներկայացուց վարչութեան անդամները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան, որ յատուկ տեղ տուած…