Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2019 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական յատուկ պատգամով 2019 տարին կը հռչակէ «ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ»։ Արդարեւ, 2003-էն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարի մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող երեւոյթի մը կամ արժէքի մը նուիրելու Վեհափառ Հայրապետին որոշումը մեր ժողովուրդին մօտ լայն արձագանգ գտաւ. ան առիթ հանդիսացաւ տուեալ տարուան նիւթին մասին խօսելու, գրելու, քննարկումներ կատարելու,…