9 Նոյեմբերի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՒԱՒ ՀԵՀՈՄ-Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նորընտիր վարչութիւնը, որուն կը գլխաւորէր միութեան նորանշանակ հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեանը։

 

Հանդիպման ընթացքին խօսք առաւ հոգեւոր խորհրդատուն եւ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնելէ ետք ներկայացուց վարչութեան անդամները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան, որ յատուկ տեղ տուած է երիտասարդութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ, որուն ամէնէն ցայտուն օրինակն է 55 տարիներ առաջ հայ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ ՀԵՀՈՄ-ին ծնունդը: Հայր սուրբը ապա ներկայացուց ՀԵՀՈՄ-ի նոր տարեշրջանի ծրագիրները:

 

Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց նոր վարչութիւնը ու գնահատեց միութեան աշխատանքները: Հայրապետը քաջալերեց արդիական ու ժամանակակից  մեթոտներով հարցերու մօտեցումն ու ծրագիրներու մշակումը եւ շեշտեց, որ երիտասարդութիւնը այս նոր ծրագիրներով հարկ է ինքզինք գերազանցէ ու աւելի գործունեայ ըլլայ ազգային ու հոգեւոր կեանքին մէջ: Նորին Սրբութիւնը լսելէ ետք անոնց առաջարկներն ու մտահոգութիւնները, տուաւ իր Հայրական օրհնութիւնը եւ բարի երթ մաղթեց նոր վարչութեան:

More News