ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2018-ին, պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Զուիցերիա՝ ընդառաջելով Զուիցերիոյ Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հրաւէրին:

 

Վեհափառ Հայրապետը Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի համալսարանին մէջ պիտի տայ դասախօսութիւն մը, ինչպէս նաեւ յաջորդաբար հրապարակային խօսքեր պիտի արտասանէ միջ-եկեղեցական հարցերու եւ Միջին Արեւելքի քրիստոէնութիւնը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն մասին: Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը պիտի ուղղէ Պեռնի մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Հայրապետը նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ կրօնական ու պետական պատասխանատուներու հետ:

 

Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Նորին Սրբութեան գաւազանակիրը՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, ազգային բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան եւ Արմէնօֆասի նախագահուհի՝ Փրոֆ. Թենի Սիմոնեան: