10-12 Սեպտեմբեր 2018–ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայաստանէն ժամանած հետեւեալ արուեստի ու մշակոյթի մասնագէտները ընդունեց.-
ա) Շուրջ երեք օրերու այցելութեամբ Մայրավանքի հիւրերը դարձան Դոկտ. Աշոտ Գրիգորեան, Փրոֆ. Արամ Իսաբեկեան եւ Փրոֆ. Կետիկ Պաղտասարեան։ Անոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրին ընդառաջելով, որպէսզի ուսումնասիրեն Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս հայոց պատմութեան կարեւոր շրջանները ու խորհրդանշանները ներկայացնող դէպքերու ու դէմքերու քանդակները զետեղելիք շրջափակը, որ պիտի երկարի դէպի հայ ժողովուրդի վերածնունդը առաջնորդող յուշարձան։
բ) Այցելուներու երկրորդ խումբը կը բաղկանար երկու անձերէ՝ Սեդա Գալստեան եւ Գաբրիէլ Փանոսեան, որոնք պատրաստած էին «Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը» յատուկ «ալպոմ»ը՝ բաղկածաց արխիւային նիւթերէ ու նկարներէ։
Վերոյիշեալ այցելուներու ընդունելութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց, Հայաստանէն ներս թէ Սփիւռքի մէջ, մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն յատուկ կարեւորութիւն տալու հրամայականը, զանոնք նկատելով կենսական մեր ժողովուրդի ինքնութեան ու առաւել հզօրացման իմաստով։ Միաժամանակ, Հայրապետը յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ պաշտպան ու զօրակից հայ մշակոյթի ու արուեստի տարածման եւ նեցուկ՝ այդ առաքելութեան լծուած բոլոր մշակներուն։