ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Շաբաթ, 24 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի Համաշխարհային Քրիսոնեայ Ուսանողներու Միութեան (World Student Christian Federation) Լիբանանի վարչութիւնը, որուն ատենապետն է Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամ՝ Կարէն Եոսուլքանեանը։ Յայտնենք, որ վարչութիւնը իր ժողովը գումարեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, որմէ ետք հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ։ Սոյն հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ…