ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

20 Նոյեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը։

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ զրուցելու հիմնականօրէն Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մասին։

 

Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց դեսպանին շուրջ երեք տարիներու դիւանագիտական ծառայութիւնը՝ յատկապէս հայ համայնքին հետ իր մշակած սերտ գործակցութիւնը։