Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԺԸՆԵՒ

Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կարճ այցելութեամբ Ժընեւ մեկնեցաւ՝ յաջորդաբար հանդիպումներ ունենալու Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի իրաւաբաններու եւ «Մետաքսեայ Ճամբուն» մասին Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք համագումարի նախապատրաստական յանձնախումբին հետ, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող այլ հանդիպումներ։

 

Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանք պիտի վերադառնայ Շաբաթ օր։