17 Սեպտեմբերի, 2018

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ԻՆՍՏԻՏՈՒՏԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

14 Սեպտեմբեր 2018-ին, Երեւանի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտէն ներս տեղի ունեցաւ Հոգաբարձութեան Խորհուրդի հանդիպումը։ Հոգաբարձութեան Խորհուրդին անդամ է նաեւ մեր Ս. Աթոռը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին, յիշեալ հանդիպման իր մասնակցութիւնը բերաւ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի յանձնախումբի փոխ-ատենապետ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։

 

Հոգաբարձութեան Խորհուրդի նիստի գլխաւոր օրակարգն էր հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին նոր տնօրէնի ընտրութիւնը։ Գաղտնի քուէարկութեամբ Խորհուրդը թանգարանի տնօրէն ընտրեց պատմական գիտութիւններու դոկտոր՝ Յարութիւն Մարութեանը։

 

Հայր սուրբը 17 Սեպտեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ նորընտիր տնօրէնին հետ եւ անոնք միասնաբար քննարկեցին հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երկու թանգարաններուն միջեւ ապագայի ծրագիրներն ու փոխ-գործակցութեան կարելիութիւնները։

More News