Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՋԵՐՄՕՐԷՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ 17-ՐԴ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին գումարումը Երեւանի մէջ կը նկատենք կարեւոր դէպք մը ու միաժամանակ եզակի իրագործում մը Հայաստանի համար՝ դիւանագիտական, քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական մարզերէն ներս։ Մեծապէս կը գնահատենք վեհաժողովին կազմակերպուածութիւնը եւ հիւրերուն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրասիրութիւնը ու բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւնը։ Նաեւ ջերմօրէն կը գնահատենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Արմէն Սարգիսեանի եւ վարչապետ՝ Տիար Նիկոլ Փաշինեանի արտասանած խօսքերը՝ տնտեսական ֆորումին ու վեհաժողովի բացումին։

 

Կ՚ապրինք համաշխարհայնացած դարու մը մէջ, ուր ինքնակղզիացումը ներելի չէ։ Ազգեր, մշակոյթներ, կրօններ եւ ընդհանրապէս ընկերութեան կեանքին առնչուած բոլոր մարզերն ու երեւոյթները իրարու հետ սերտօրէն առնչուած են։ Հայաստանի համար արտաքին յարաբերութիւնները նոյնքան կարեւոր են որքան ներքին կեանքը, որովհետեւ անոր նախաձեռնած ծրագիրներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները լայն չափով առնչուած են իր միջազգային յարաբերութիւններուն։ Հետեւաբար, Հայաստանի ներկայութիւնը շրջանային թէ միջազգային կազմակերպութիւններէն ներս հրամայական է։ Այդ ներկայութիւնը պէտք է դառնայ գործօն ու հետեւողական, եւ, ուստի, Հայաստանը միջազգային կազմակերպութիւններէն ներս պէտք է ներկայացուի այնպիսի անձերու կողմէ, որոնք նուիրումի առընթեր տուեալ կառոյցին կամ բնագաւառին առնչուած մասնագիտութիւն ու փորձառութիւն ունին։

 

Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը (Ֆրանքոֆոն) միջազգային այն կարեւոր հարթակներէն մէկն է, ուր մեր ներկայութիւնը կենսական է եւ մեր կատարելիք ներդրումը՝ էական։ Երեւանի վեհաժողովը ցոյց տուաւ Հայաստանի կազմակերպուածութիւնն ու յանձնառութեան որակը։ Անհրաժեշտ է նո՛յն մօտեցումը շարունակել։