Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՊԵՌՆԻ ՄԷՋ

Պեռն (Զուիցերիա) կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, 26-28 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ այցելութիւններն ու հանդիպումները ունեցաւ.-   1) Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ քաղաքական ու տնտեսական հարցերուն առնչուած Զուիցերիոյ պետութեան ներկայացուցիչ՝ Ուլֆկանկ Ամատէոս Պրուէլհարթին հետ։ Նոյն անձին հետ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպած էր շուրջ տարի մը…