«ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ԼԻՑՔԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ, ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ԿՈՉՈՒՄԸ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՐԴՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՄԻՇՏ ՄՆԱՅ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Իր վարդապետութեան օրերէ սկսեալ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միշտ կապուած եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին՝ զայն նկատելով մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայութեան լծուելու կոչուած մարդոց հոգեմտաւոր կազմաւորման դարբնոց։ Ան նոյնիսկ իր հայրապետական գահակալութեան շրջանին շարունակեց ու կը շարունակէ յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել Դպրեվանքին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ հոն կը դասաւանդէ «սիսթեմաթիկ» եւ հովուական աստուածաբանութիւն։…