ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

27 Սեպտեմբերէն 1 Հոկտեմբեր Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Աստուածաշնչային Միացեալ Ընկերութիւններու միջեւ գործակցութեան միջազգային համաժողովը։ Սոյն համաժողովին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցէր Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը, որ միաժամանակ անդամ է վերոյիշեալ համաժողովի մնայուն յանձնախումբին։

 

Երկու եկեղեցական ընտանիքներէն եւ Աստուածաշնչային Միացեալ Ընկերութիւններէն կազմուած մնայուն յանձնախումբի անդամները իրենց տարեկան հանդիպումները եւ աշխատանքները սկսած էին շուրջ 20 տարիներ առաջ, նպատակ ունենալով հասնիլ համատեղ համաձայնութեան մը եւ խմբագրել ուղեցոյց մը (memorandum), ըստ որուն կարելի պիտի ըլլար վերոնշեալ եկեղեցական զոյգ ընտանիքներուն եւ Աստուածաշնչական Միացեալ Ընկերութիւններուն միջեւ գործնական ու անվերապահ համագործակցութիւնը, աշխատակցութիւնն ու հասկացողութիւնը, եւ թէ ինչպէ՞ս կարելի է Աստուածաշունչի թարգմանութեան օժանդակել, բաժնել ու տարածել՝ հասանելի դարձնելով բոլորին։

 

Այդ ուղեցոյցը արդէն իսկ տարի մը առաջ Կրէտէի մէջ տեղի ունեցած ժողովին վերջնական ձեւի բերուած էր եւ կը մնար անոր ստորագրութեամբ պաշտօնականացումը։

 

Ժողովի հիւրընկալողն էր Հայաստանի Ս. Գրային ընկերութիւնը։

 

Համաժողովը կը կրէր «Աստուածաշունչը Փոփոխալից Աշխարհի Մը Մէջ» խորագիրը։ Ժողովին մասնակցեցան շուրջ 40 աստուածաբաններ, եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ յատուկ հրաւիրեալներ իբրեւ դիտորդներ՝ եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն (Ե.Հ.Խ.), Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն եւ Աստուծաշնչային Միացեալ եկեղեցիներու եկեկեցական յարաբերութեան յանձնախումբի անդամներէն։

 

Համաժողովի ընթացքին ներկայացուեցան հետեւեալ դասախօսութիւնները.- «Աստուածաշունչին տեղն ու դերը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ», «Աստուածաշունչին ներշնչականութիւնը», «Աստուածաշունչին տեղը համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ», «Աստուածաշնչային Միացեալ Ընկերութիւններու ծառայութիւնը բոլոր եկեղեցիներէն ներս՝ առաքելութիւն, տեսլիք եւ արժէքներ», «Թարգմանութիւնները իբրեւ հիմնական կիզակէտ Աստուածաշնչային Միացեալ ընկերութիւններուն համար» եւ «Միաթուային (digital) դարու մարտահրաւէրներն ու առիթները»։

 

Զոյգ օրերու ընթացքին տեղի ունեցան քննարկումներ, միտքերու փոխանակում ու առաջարկներ։ Աւարտին, կարդացուեցաւ «Հասկացողութեան Ուղեցոյցը» (Memorandum of Understanding) եւ որոշ փոփոխութիւններէ ետք, բոլորին համաձայնութեամբ, ընդունուեցաւ եւ պաշտօնապէս ստորագրուեցաւ։