Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԸ
Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, որ Նիւ Եորքէն յատուկ կերպով ժամանած էր Խրիմեան Հայրիկի մասին իր պատրաստած մենակատարութիւնը ներկայացնելու Լիբանանահայութեան: Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան աւելի քան 50 տարիներու հարուստ վաստակ ունի, որպէս գրականագէտ, թատերագիր, բանախօս ու թարգմանիչ: Ան հեղինակ է բազմաթիւ հայերէն ու անգլերէն հատորներու: Նորին Սրբութիւնը մօտէն ծանօթ…