Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իմանալէ ետք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Գերմանշահ նահանգին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին մասին, որուն զոհ գացին աւելի քան հարիւրաւոր քաղաքացիներ, ցաւակցական նամակ մը յղեց Հանրապետութեան նախագահ՝ Հասան Ռոհանիին։
Ցաւակցագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը յանուն մեր Ս. Աթոռին եւ Իրանի հայ համայնքին իր ցաւակցութիւնը յայտնեց նախագահին, Իրանի ժողովուրդին եւ երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն՝ աղօթելով, որ Աստուած զօրացնէ զիրենք իրենց ցաւին մէջ, ինչպէս նաեւ պահպանէ ու պաշտպանէ Իրանի ժողովուրդը։