Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԺԸՆԵՒ

Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կարճ այցելութեամբ Ժընեւ մեկնեցաւ՝ յաջորդաբար հանդիպումներ ունենալու Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի իրաւաբաններու եւ «Մետաքսեայ Ճամբուն» մասին Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք համագումարի նախապատրաստական յանձնախումբին հետ, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող այլ հանդիպումներ։   Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանք պիտի վերադառնայ Շաբաթ օր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ

Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր նամակ մը յղեց Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին՝ յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնը այս տխուր առիթով։ Ցաւակցագիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց այն եզակի դերին, զոր Շարլ Ազնաւուր ունեցաւ միջազգային մակարդակի վրայ, յատկապէս երաժշտական մարզէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց  Շարլ Ազնաւուրին բերած կարեւոր նպաստը հայ…