ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԲԱԶՄԱՎԷՊԻ 175-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

19 եւ 20 Հոկտեմբեր 2018-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսին 175-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը, կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային եւ Մխիթարեան միաբանութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցած եւ գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած էր Կաթողիկոսարանիս կրթական-հայագիտական կեդրոնի տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեան։

 

Բացման նիստին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը ընթերցեց Ժիրայր Դանիէլեանը։ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ կը դրուատէ Բազմավէպի 175-ամեայ իրագործումները հայագիտական, բանասիրական եւ գրական բնագաւառներուն մէջ, նշելով, որ թէեւ Բազմավէպի նախաձեռնութիւնն ու հովանաւորութիւնը կը պատկանին Մխիթարեան միաբանութեան, սակայն հանդէսը հայագիտական բարձրորակ ամպիոն է գիտական աշխատանքներու ու բանասիրական պրպտումներու:

 

Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը կը յայտնէ Մխիթարեան միաբանութեան կարեւոր դերին հայագիտական մարզէն ներս, յայտնելով. «Բազմավէպը մնայուն ներկայութիւն դարձած է հայագէտներու սեղաններուն վրայ ու հայագիտական կեդրոններու մատենադարաններուն մէջ: Մենք անձնապէս, Դպրեվանքի թէ՛ համալսարանի մէջ Մեր ուսանողութեան օրերուն, առիթը ունեցած ենք դիմելու Բազմավէպին մէջ հրատարակուած ուսումնասիրութիւններուն»:

 

Անդրադառնալով ժամանակակից մտահոգութիւններու, Վեհափառը կ՚ընդգծէ. «Ներկայ պայմաններու ազդեցութեան տակ հայագիտութեան նկատմամբ տակաւ նուազող հետաքրքրութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ անհրաժեշտ է, որ շրջուի: Հայագիտութեան դաշտէն ներս տակաւին անկոխ գետիններ եւ պրպտումի ու քննարկումի կարօտ նիւթեր գոյութիւն ունին: Անհրաժեշտ է, որ անոնք լուրջ ուսումնասիրութեան ենթարկուին: Չսպասենք, որ միայն օտարներ կատարեն այս յոյժ կարեւոր աշխատանքը, որքան ալ գնահատելի ըլլայ իրենց նպաստը հայագիտութեան: Սա առաջին հերթին մեր հոգեւորականներուն ու հայագէտներուն պարտաւորութիւնն է: Արդ, սպասելի է, որ Բազմավէպը վերանորոգ նուիրումով շարունակէ իր կարեւոր ներդրումը հայագիտութեան»:

 

Երկօրեայ գիտաժողովին ընթացքին, Ժիայր Դանիէլեան ելոյթ ունեցաւ «Հայ լրագրութեան առաջին պատմաբանը» թեմայով, ուր բացայայտեց, որ Բազմավէպի առաջին խմբագիր Հայր Գաբրիէլ Այվազովսկին հայ լրագրութեան առաջին պատմաբանն է շնորհիւ իր անստորագիր երկու մատենագիտական յօդուածներուն, որոնք լոյս տեսած են հանդէսին առաջին տարիներուն։