ՎԱՆԱԲՆԱԿ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ վանաբնակ միաբաններուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց ամրան ընթացքին Մայրավանքէն ներս կատարուած աշխատանքները, յատկապէս միաբան հայրերու կողմէ եւ շեշտեց Միաբանութեան ծառայութիւնը թէ՛ Մայրավանքէն եւ թէ թեմերէն ներս վերակազմակերպելու ու վերաշխուժացնելու հրամայականը՝ միշտ ընդառաջելով մեր ժողովուրդի կարիքներուն ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ եկեղեցին իր էութեամբ ծառայութիւն է եւ այդ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին տանողը հոգեւորականն է։ Անթիլիասական միաբանը, ա՛յս գիտակցութեամբ, նուիրումով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ կատարել այս ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը։

 

Ապա, Հայրապետը միաբան հայրերուն փոխանցեց վանական ներքին պաշտօններն ու նոր պատասխանատուութիւնները, ինչպէս նաեւ պարզեց թեմական ծառայութենէ վերադարձած ու թեմական ծառայութեան գացող միաբաններուն անունները՝ իրենց ստանձնելիք պատասխանատուութիւններով։