Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ժընեւի մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Արմէն Սարգիսեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի միջեւ։
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած կարգ մը հարցեր։
Նախագահ Սարգիսեան անգամ եւս իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Նորին Սրբութեան ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով։
Հայրապետը, իր կարգին, յայտնեց, որ ինչպէս անցեալին, նոյն թափով պիտի շարունակէ իր հոգեւոր ծառայութեան մէջ առանցքային տեղ յատկացնել Հայաստանի հզօրացման, Արցախի անկախութեան ամրապնդման եւ ազգային պահանջատիրական պայքարի առաւել ամրացման ձգտող աշխատանքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց եկեղեցի-ժողովուրդ ու եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնը աւելի սերտացնելու անհրաժեշտութիւնը։
Չնախատեսուած հանդիպում մըն էր Հայրապետին եւ նախագահին հանդիպումը, որովհետեւ Նորին Սրբութիւնը դէպի Պեռն պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած էր Ժընեւ։