Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ «ՔՐԷՏՕ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի, 20 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Դոկտ. Անթուան Շէտիտ՝ Ֆրանսայի ՔՐԷՏՕ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը։ Յիշեալ կազմակերպութեան նպատակը Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ընկերային, մարդասիրական ու քաղաքական զօրակցութիւն ապահովել է՝ զանազան նախաձեռնութիւններու ճամբով։

 

Դոկտ. Շէտիտի այցելութեան հիմնական նպատակը Նորին Սրբութեան հրաւիրել էր յառաջիկայ ամիսներուն Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք համագումարի մը՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած, որուն պիտի մասնակցին քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր պետերու առընթեր նաեւ Ֆրնասայէն երեսփոխաններ, նախարարներ ու քաղաքական դէմքեր։