30 October, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՊԵՌՆԻ ՄԷՋ

Պեռն (Զուիցերիա) կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, 26-28 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ այցելութիւններն ու հանդիպումները ունեցաւ.-

 

1) Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ քաղաքական ու տնտեսական հարցերուն առնչուած Զուիցերիոյ պետութեան ներկայացուցիչ՝ Ուլֆկանկ Ամատէոս Պրուէլհարթին հետ։ Նոյն անձին հետ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպած էր շուրջ տարի մը առաջ, որու ընթացքին Ան ընդգծած էր Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը։

 

2) Պեռնի եպիսկոպոսարանին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքի հոգեւորականներուն, համալսարանի փրոֆեսորներուն եւ դոկտորայի աստիճանի ուսանողներուն հետ եւ երկխօսութիւն մը ունեցաւ աստուածաբանական հարցերու շուրջ։

 

3) Ան առիթը ունեցաւ կարճ հանդիպում մը ունենալու Հայաստանի դեսպանատան պաշտօնակատար՝ Անահիտ Յարութիւնեանի հետ, որ յատուկ Պեռն եկած էր ներկայ գտնուելու Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութեանց։

 

4) Նորին Սրբութիւնը պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն տրուած պաշտօնական ընթրիքի մը՝ կազմակերպուած Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ կրօնական ու քաղաքական դէմքեր։

 

5) Վեհափառ Հայրապետը իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին այցելեց լիբանանեան դեսպանատուն, ուր պաշտօնպէս ընդունուեցաւ դեսպանուհի՝ Ռօլա Նուրըտտինի կողմէ։ Ապա, ի պատիւ Հայրապետին պաշտօնական ընթրիք տեղի ունեցաւ։

 

6) Պեռն իր կեցութեան օրերուն, Նորին Սրբութիւնը նաեւ յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ կրօնական, քաղաքական ու միջ-եկեղեցական պատասխանատուներու հետ։

 

7) Յայտնենք նաեւ, որ Վեհափառ Հայրապետին եւ իր այցելութեան մասին լայնօրէն անդրադարձած էր Զուիցերիոյ գլխաւոր օրաթերթը։

More News