Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՊԵՌՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2018-ին, Պեռնի (Զուիցերիա) համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Միջին Արեւելքին Ու Քրիստոնէութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ՝ ընդառաջելով համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրին։ Իր խօսքին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի առնչուած որեւէ նիւթի մասին խօսիլը դիւրին չէ, որովհետեւ ան բարդ շրջան մըն է եւ այսպէս եղած է…