Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր վարչութեան:
Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Հայաստանի այժմու կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Լիբանանի ներքին կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցերուն:
Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց նորընտիր Վարչութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ազգային ծառայութեան մէջ, միաժամանակ շեշտելով միջ-կուսակցական գործակցութեան հրամայականը՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութեան առաւել ամրապնդման: