Առնուած «Ազդակ»-էն
«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի աւարտը խորհրդանշող իբրեւ եզրափակիչ հանդիպում, Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ. Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց «Ապագայ լրագրող»-ները` ընկերակցութեամբ ծրագիրի պատասխանատու` «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեանի:
Հանդիպումին սկիզբը Ա. Պալեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի ընդգրկած աշխատանքները եւ այդ ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրող»-ներուն աշխատանքները:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ լրագրութեան աշխատանքի, առարկայական լրատուութեան, վերլուծական յօդուածներու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ լրագրութեան բարոյագիտական արժէքը պահպանելու կարեւորութեան:
Այս նիւթերուն կողքին, «Ապագայ լրագրող»-ները իրենց հարցումները ուղղեցին Վեհափառ Հայրապետին` հանդիպումը վերածելով զրոյցի:
Նորին Սրբութիւնը ողջունեց «Ազդակ»-ի կողմէ նախաձեռնուած այս ծրագիրը` նշելով, որ հայութեան համար թերթը բառին վաւերական հասկացողութեամբ առաքելութիւն է:
«Թերթը ո՛չ միայն հայելին պէտք է դառնայ տուեալ ազգի մը կամ կազմակերպութեան մը, այլ նաեւ հայ ազգին արժէքները տարածող ու պահպանող առաքելութիւն: Թերթը նաեւ այն միջոցն է, ուր կը հրատարակուին անոր ներկայացուցած ազգն ու կազմակերպութիւնը մտահոգող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, եւ անիկա կ՛անդրադառնայ այդ խնդիրներու լուծումներուն` իրապաշտ քննական ոգիով, զանոնք յանձնելով ժողովուրդին ուշադրութեան: Հետեւաբար թերթը միայն լուրերը հաղորդողը պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ անոր առաքելութիւնը բազմերես է եւ բազմակողմանի: Թերթի առաքելութեան այս հոլովոյթը հայ ընկերութեան կեանքին մէջ ունի իր կարեւոր դերակատարութիւնը, մանաւանդ այս դարուս` նկատի ունենալով տեղեկատուական արհեստագիտութեան օրական դրութեամբ արձանագրած զարգացումները, որոնք տեղեկատուութեան մարզին նոր հունաւորում, նոր մօտեցում եւ նոր առաքելութիւն կու տան», ըսաւ Հայրապետը:
Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ լրագրական ասպարէզը այսօր կը գտնուի ընկերութեան կեանքին մայր էջին վրայ` իր առանցքային դերակատարութեամբ:
Անդրադառնալով հայաստանեան մամուլին` Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ դժբախտաբար հայրենիքի մէջ լրագրական ասպարէզը կ՛օգտագործուի ուրիշ նպատակներու համար` աւելցնելով, որ առաքելութեան, կոչումի եւ գիտակցութեան նահանջ մը կ՛ապրին հայրենի մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչներ, որոնք կը կեդրոնանան անհատները պախարակելու, կառոյցներ, հեղինակութիւններ արժեզրկելու, անձերու նկարագիրին կապուած բացայայտումներ կատարելու եւ այլ հարցերու վրայ: «Այս բոլորը դրական մօտեցումներ չեն: Լրագրական ասպարէզը կառուցողական եւ շինարար մօտեցում պէտք է ունենայ թէ՛ կազմակերպութեան մը, թէ՛ համայնքի մը եւ թէ՛ ազգի մը կեանքը աւելի ծաղկեցնելու, անոնց առջեւ նոր հորիզոններ բանալու եւ նոր կարելիութիւններ ստեղծելու առումով: Անհրաժեշտ է առկայ մտահոգութիւններն ու վէրքերը լուսարձակի տակ բերել եւ իրապաշտ մօտեցումով լուծումներ առաջարկել: Երբ թերթ մը կամ լրագրական օրկան մը միակողմանի եւ որոշ նպատակներ հետապնդելու մօտեցումով կը դրսեւորուի, անիկա բառին ամբողջական իմաստով կը դադրի լրագրութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուի այլ բանի», յայտնեց ան:
Հայրապետը աւելցուց, որ սփիւռքի կեանքին մէջ լրագրութիւնը լայն չափով դրական գործունէութեան լծուած է, եւ ատիկա արդիւնքն է մեր թերթերու պատասխանատուներուն եւ աշխատակիցներուն գիտակցութեան` օրաթերթը ծառայեցնելու մեր արժէքներուն տարածման եւ մեր կեանքին վերակազմակերպումին: «Իմ ակնկալութիւնս է, որ «Ազդակ»-ը, որ միշտ այդպէս եղած է, այս գիտակցութեամբ շարունակէ իր առաքելութիւնը` մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ», շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը Հայրապետը:
Պատասխանելով եկեղեցւոյ հետ երիտասարդութեան կապերը ամրապնդելու նպատակով նոր ծրագիրներու մասին հարցումի մը` Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեցուածքը` ազգին, սփիւռքին, եկեղեցիին եւ հայրենիքին դիմագրաւած հարցերուն նկատմամբ, միշտ եղած է յստակ, թափանցիկ եւ իրատեսական, որովհետեւ մեր նպատակը եղած է մեր արժէքները ծաղկեցնել, հայրենիքը աւելի հզօրացնել, եկեղեցին աւելի պայծառացնել, մեր պահանջատիրութիւնը աւելի ամրապնդել: «Այս բոլորը կը կազմեն մեր վեհ արժէքներն ու սրբազան իտէալները, եւ եկեղեցին այդ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ու իտէալներու կենսագործման առաքելութեան լծուած է: Երիտասարդութիւնը այս բոլորին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի: Երիտասարդութեան յաճախ կ՛անդրադառնամ ոչ թէ տեսական կերպով, այլ իրապաշտ մօտեցումով: Պէտք չէ տարուիլ լոզունգներով եւ այդ մշակոյթով ապրիլ: Լոզունգները անկասկած կարեւոր են` արթնութեան մղելու եւ երիտասարդութեան մօտ մարտահրաւէր ստեղծելու, սակայն միայն լոզունգներուն կառչիլը եւ անոնցմով առաջնորդուիլը սխալ է: Կարգախօսներու պէտք չէ վստահինք, այլ աշխատանքի, գործելու նախաձեռնութիւններ կատարենք: Երիտասարդութիւնը մեր կեանքին մայր էջին վրայ իր խօսքը եւ գործը պէտք է ունենայ` Լիբանանէն սկսեալ, Պուրճ Համուտէն սկսեալ եւ ամէնուրեք, որովհետեւ խօսքը եւ գործը զիրար կ՛ամբողջացնեն: Երիտասարդներուն դերը կարեւոր է մեր կեանքին մէջ, եւ այդ իմաստով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը նախաձեռնէ բազմաթիւ ծրագիրներու, որոնցմէ էր վերջերս ամերիկահայ երիտասարդներու համար Կաթողիկոսարանին մէջ կազմակերպուած յատուկ ծրագիրը, որպէսզի անոնց մէջ սերմանենք եկեղեցիին, համայնքին, ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելու սէրը: Այս ծրագիրը պիտի շարունակենք տարբեր ձեւերով, որպէսզի անոնք համահունչ ըլլան ներկայ պայմաններուն եւ իրականութեան, ինչպէս նաեւ մեր երիտասարդներուն համար գրաւիչ դառնան` զանոնք մղելով հասկնալու եւ ըմբռնելու հայութեան կեանքի իրականութիւնները: Երիտասարդութիւնը պիտի գիտնայ, որ ինք մեր կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունի եւ կոչուած է ունենալու առանցքային դերակատարութիւն», ըսաւ ան:
Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով` Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ այս անգամ դատը պիտի ներկայացուի թրքական դատարան` նախադատ ատեանին: «Դատը պիտի ներկայացուի յառաջիկայ հոկտեմբերին. բոլոր աշխատանքները արդէն իսկ աւարտած են եւ թղթածրարը պատրաստ է», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ շեշտեց, որ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանը պահանջող դատը իրաւական է իր ձեւին մէջ, սակայն ըստ էութեան ան քաղաքական դատ է: «Անշուշտ Թուրքիան մեզմէ լաւ գիտէ, որ այս քայլը երկար շղթայի մը առաջին օղակն է, եւ երբ այդ օղակը քակուի` հազարաւոր եկեղեցիները, վանքերն ու ազգապատկան կալուածները, ապա անհատական կալուածները պիտի պահանջուին: Յիշեցնենք, որ Թուրքիա անցնող տասնամեակներուն իրաւաքաղաքական այնպիսի որոշումներ տուած է, որ մեր կալուածները մեզի վերադարձնելու առաջնորդող գրեթէ բոլոր ճամբաները փակած է: Հակառակ այս իրողութեան, ժամանակը հասած է, որ Հայ դատը քաղաքական ու քարոզչական մարզէն ուղղուի դէպի իրաւական դաշտ», ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը:
Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները սփիւռքէն թէ Հայաստանէն հետապնդելու հարցումին Հայրապետը տուաւ հետեւեալ պատասխանը. «Անհրաժեշտ է, որ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները համապատասխանեն ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն եւ համաշխարհայնացումի ընձեռած կարելիութիւններուն ու անպատեհութիւններուն: Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ մեր մեթոտները պէտք է փոխուին: Դասախօսութիւններ, հրատարակութիւններ, քայլարշաւներ եւ խորհրդաժողովներ կազմակերպուած են: Հսկայ աշխատանք կատարուած է: Ներկայիս պէտք է արժեւորում մը կատարուի, եւ որդեգրուին այնպիսի ձեւեր, որ մեր շրջապատը աւելի դիւրին կերպով ընկալէ մեր դատը, իր զօրակցութիւնը յայտնէ եւ որոշ չափով մասնակից դառնայ այդ Դատին: Միջին Արեւելքի, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ Հայ դատը հետապնդելու տարբեր աշխատանքներ ի գործ կը դրուին: Իւրաքանչիւր շրջան եւ երկիր ունի իր պայմանները, որոնց համապատասխան կերպով պէտք է ծրագրուին Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները»:
Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց, որ Հայ դատի իրաւատէրը Հայաստանն է: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հռչակագիրը արդէն իսկ հրապարակուած է: «Հայաստանի եւ սփիւռքի պարագային Հայ դատին նկատմամբ տարբեր մօտեցումներ կը ցուցաբերուին, նոյնիսկ տարբեր լեզուամտածողութիւն կայ: Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն պարագային սփիւռք-Հայաստան ջանքերը պէտք է զիրար ամբողջացնեն, Թուրքիայէն մեր պահանջները յստակ կերպով պէտք է բանաձեւուին: Այս հարցին շուրջ մենք պէտք է համահայկական մօտեցում որդեգրենք: Հռչակագիրը ընդհանուր ուղղութիւնը ցոյց կու տայ, սակայն այդ ուղղութեան մէջ որոշ յստակեցումներ անհրաժեշտ է որ կատարուին», ընդգծեց Հայրապետը: «Ապագայ լրագրող» մը Վեհափառ Հայրապետի` «Հայաստանը կը պարպուի եւ սփիւռքը կը մաշի» խօսքը մէջբերելով հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել այդ ցաւալի իրականութիւնը փոխելու համար:
Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ Հայաստան շատ աշխատանք ունի կատարելիք արտագաղթը կասեցնելու համար, ինչպէս նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունի սփիւռքի մաշումը դանդաղեցնելու համար: Իսկ սփիւռքը իր կարգին կարեւոր դերակատարութիւն ունի Հայաստանի արտագաղթը կասեցնելու համար: «Հայաստանը եւ սփիւռքը իրապաշտ մօտեցումով իրարու վէրքերը պէտք է տեսնեն եւ ախտաճանաչումը ճիշդ կատարեն: Ճառախօսութիւններով եւ լոզունգներով հարցերը չեն լուծուիր: Պէտք է մեր աշխատանքները համադրենք, համազգային մեր օրակարգի առաջնահերթութիւնները յստակացնենք, դերերու բաժանում կատարենք եւ գործի լծուինք», աւելցուց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման կարելիութիւններու ստեղծումը կարելի՞ է` ի տես բազմաթիւ սփիւռքահայերու Հայաստան տեղափոխութեան ալիքին, Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ջատագովն է եւ այդ իմաստով հետեւողական ու գործնական աշխատանք կը տանի: Ան վերահաստատեց, որ սփիւռքի մաշումը ընդհանուր է, բոլոր բնագաւառներուն մէջ, նոյնիսկ արեւմտահայերէնը: «Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնը մաքրելու եւ տարածելու ուղղութեամբ արշաւ պէտք է կատարել: Արեւմտահայերէնի պահպանումին իմաստով Հայաստանի մօտեցումը ցարդ կը մնայ ձեւական ու մակերեսային: Իսկ Հայաստանի լեզուաբաններն ու մտաւորականները, դժբախտաբար, համաձայն չեն միացեալ ուղղագրութեան: Կը յուսանք, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր պայմաններուն լոյսին տակ, արեւմտահայերէնը եւ ուղղագրութեան հարցը յատուկ ուշադրութեան կ՛արժանանան նոր իշխանութեան կողմէ», մաղթեց Նորին Սրբութիւնը:
Հանդիպումին աւարտին «Ապագայ լրագրող»-ներէն Քրիստ Իսկէնտէրեան Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց իր գծած Սիսի Կաթողիկոսարանի պատկերը: