ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՍՊԻՏԱԿԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 30-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

 
Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն, 1988 թուականին Հայաստանի Սպիտակ քաղաքին մէջ ահաւոր երկրաշարժին զոհ գացած բազմահազար հայորդիներու հոգիներուն համար։ Հոգեհանգստեան արարողութեան ընդմէջէն հոգեւորականաց դասը ու բոլոր հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, որ պահպանէ ու զօրացնէ Հայաստան աշխարհը եւ Իր հովանին անպակաս ընէ անոր, Արցախին ու Սփիւռքին վրայէն։
 
Յայտնենք, որ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նաեւ մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս։