21 Հոկտեմբերի, 2018

ԱՌԱՆՁԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ի յետ միջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ առանձին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

 

Շուրջ ժամ մը տեւած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր։

 

Նշեալ մարզերու գծով Նորին Սրբութիւնն ու վարչապետի պաշտօնակատարը իրենց տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները փոխանակեցին՝ կարեւորութեամբ շեշտելով մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամուր պահելու, Հայաստանը առաւել հզօրացման մղող աշխատանքներուն շուրջ համախմբուելու եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը առաւել ծաւալելու հրամայականը։

More News