Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԻՒՄՐԻԻ «ՎԱՐԴԱՆ ԱՃԵՄԵԱՆ»Ի ԱՆՈՒԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԻԿԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԸ

Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութենէն պատուիրակութիւն մը եւ վերջինիս հրաւէրով Լիբանան ժամանած Գիւմրիի «Վարդան Աճեմեան»ի անուան պետական դրամատիկական թատրոնը։

Հանդիպման ընթացքին խօսք առաւ Գիւմրիի պետական թատրոնին գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Լութֆիկ Յարութիւնեան, որ, ներկայացնելէ ետք դերասանները, հակիրճ կերպով խօսեցաւ թատերախումբին մասին, ու Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց թատրոնին ներկայ եւ ապագայ ծրագիրները։

Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց մշակոյթի դերը հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ։ Խօսելով թատրոնին մասին, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց թատրոնին կարեւոր դերը մշակոյթի, գրականութեան եւ միտքի զարգացման մէջ, ըսելով. «արուեստի կողքին, թատրոնը կը հետապնդէ դաստիարակչական առաքելութիւն. լաւ թատրոն է այն թատրոնը, որ հանդիսատեսին միտքին մէջ կը շարունակուի նոյնիսկ ներկայացումէն ետք, որովհետեւ հանդիսատեսին միտքին ու հոգիին մէջ պատգամ մը ձգած կ՚ըլլայ»։

Նշենք, որ թատերախումբը Լիբանան ժամանած է այս շաբաթավերջին ներկայացնելու երեք ներկայացումներ՝ «Հարսանիք Թիկունքում», «Սիրոյ քեսթինկ» եւ «Երկնագոյն շան աչքեր» թատերախաղերը։